HAZIRLIK AŞAMASINDA

մանկավարժութիւն

այն գիտութիւնը՝ որ ցոյց կու տայ մանուկները դաստիարակելու եւb ուսուցանելու միջոցները
pedagoji

մանկատած

փոքր մանուկներ խնամող (կին)
dadı

մանկիկ

փոքր մանուկ, նորածին երախայ

մանկլաւիկ

թագաւորի սպասաւոր
nedim

մանկլաւիկ

ուրիշի մը քմահաճոյքին՝ կամ հրամանին ենթակայ (անձ)
yaltakçı

մանկութիւն

մանուկ տարիքը (մինչեւ 12 տարեկան)
çocukluk

մանկութիւն

տղայական անփորձութիւն

մանուածապատ

ծուռումուռ, օձապտոյտ (ճամբայ)
dolambaçlı

մանուկ

փոքր տղայ, երախայ
çocuk

մանուշակ

մանիշակ, անուշահոտ կապոյտ ծաղիկ մը
menekşe

մանչ

աղջկան հակառակը, տղայ
oğlan

մանր

փոքր, պզտիկ
ufak, küçük

մանր

աննշան

մանրադիտակ

մանրադէտ, գործիք մը՝ որով կարելի է տեսնել աչքով անտեսանելի իրեր
mikroskop

մանրակրկիտ

մանրամասն քննուած
titiz

մանրամասն

բոլոր մասերը ամբողջ, անթերի
ayrıntılı

մանրամասնութիւն

բոլոր մասերը
ayrıntı

մանրամասնութիւն

երկրորդական՝ կամ աւելորդ մասերը (որեւէ առարկայի)

մանրամասնօրէն

անթերի կերպով, լրիւ

մանրանկար

նուրբ աշխատանքով շինուած՝ փոքր նկար
minyatür