մեռնիլ
կեանքէ դադրիլ, վախճանիլ
ölmek
Մեսրոպ Մաշտոց
այն՝ որ յօրինեց հայ գիրերը 406ին՝ եղաւ Ա ուսուցիչ հայերէն լեզուի՝ եւ սուրբ անուանուեցաւ իր կատարած աննման ծառայութեան համար
մետաղ
որոշ ծանրութիւն եւ փայլ ունեցող՝ ջերմութեան լաւ հաղորդիչ հանածոյ պարզ մարմիններ
maden, metal
մետաքս
շերամի արտադրած թելեր՝ կամ այս թելերով գործուած կերպաս
ipek
մերթ
երբեմն, ատեն-ատեն
մերժել
չընդունիլ, չուզել
reddetmek
մերժել
ժխտել
մերժողական
ժխտական, բացասական
մերկ
առանց հագուստի, հոլանի
çıplak
մերկանալ
հանուիլ
çıplanmak
մերկանալ
յայտնի դառնալ
մերկապարանոց
ակներեւ, բացայայտ
(ap)açık, aşikâr
մերկացում
գաղտնիքը հրապարակել՝ կամ տեղեկութիւններ տալ,
açıklama, ifşa
մերկութիւն
մերկ վիճակ
çıplaklık
մերկութիւն
պարզութիւն
մերձ
մօտ, մօտ եղած, մօտաւոր
մերձակայ
մօտը գտնուող, մօտակայ, դրացի
yakın(daki), komşu
մերձաւոր
մօտը գտնուող, մօտիկ
yakın(daki)
մերձաւոր
ազգական
yakın
մերձենալ
մօտենալ
yaklaşmak