անընթեռնելի
ինչ որ կարդալ շատ դժուար կամ անկարելի է, չկարդացուելիք
okunaksız
անընկեր
առանց ընկերոջ մնացած, առանձին
անընկճելի
այն՝ զոր յաղթել անկարելի է, անպարտելի, աննուաճ
անընտել
չընտելացած, անվարժ, վայրենի
անըստգիւտ
անստգիւտ, թերութիւն կամ պակասութիւն չունեցող, անթերի, կատարեալ
անթառամ
չթառամող, անթարշամ, ինչ որ չի չորնար
անթառամ
ծաղիկ մը՝ որ շատ երկար ատեն առանց չորնալու կը մնայ
solmaz
անթարգմանելի
ինչ որ չի թարգմանուիր, անվերածելի
անթարթ
առանց աչքը բանալ-գոցելու, սեւեռուն, անքթիթ
անթացուպ
կաղերուն թեւի տակ դրած գաւազանը, յենացուպ
koltuk değneği
անթափանց
որմէ լոյս կամ ջուր չ'անցնիր
անթաքոյց
առանց պահելու, առանց ծածկելու
անթեղ
տաք մոխիր, կրակախառն մոխիր
անթեղել
մոխիրով ծածկել, մոխիրով գոցել
küllemek, gömmek
անթերի
պակասութիւն չունեցող, ամբողջ, կատարեալ
eksiksiz
անթեւ
թեւ չունեցող, թեւատ
kolsuz
անթիւ
չհամրուելու չափ շատ, անհամար
sayısız
անժաման
ուշ մնացած, յապաղած, ուշացած
անժխտելի
որուն հակառակը կարելի չէ ըսել, անհակասելի
անիծեալ
անէծքի տակ մնացած, նզովուած
lanetli