միջօրէական
երեւակայական շրջանակ՝ որ կ՚անցնի երկրի զոյգ բեւեռներէն
meridyen
միս
մարդոց եւ անասուններու ոսկորները ծածկող կակուղ նիւթ (մորթով պատած)
et
միստիկ
երեւցածէն տարբեր՝ գաղտնի իմաստ մը ունեցող, խորհրդաւոր
միտում
հակում, ձգտում, տրամադրութիւն
yönelim, kasıt
միտք
խելք, իմացականութիւն
միտք
նպատակ, դիտաւորութիւն
միտք
յիշողութիւն
zihin
միրգ
թարմ կամ չոր պտուղ
yemiş
միւռոն
մեռոն, մէջը անուշահոտ նիւթեր խառնուած ձէթ (որով եկեղեցական օծումներ կը կատարեն)
միւռոնաբոյր
մեռոնի պէս անուշահոտ
միւս
(մի-եւս) մէկալ
öteki, öbür
միօրինակ
միակերպ, միաձեւ
birörnek, yeknesak
միօրինակ
ձանձրալի
մլաւել
“միաո՜ւ-միաո՜ւ” ձայն հանել (կատուի)
miyavlamak
մլուկ
մարդոց արիւնը ծծող միջատ
tahtakurusu
մխալ
մուխ արձակել, ծխալ
tütmek
մխել
մխրճել, մէջը մտցնել, խրել, խօթել
saplamak, sokmak
մխել
կարմրած երկաթը պաղ ջուրի մէջ խօթել, պողպատել
su vermek
մխիթարել
մէկուն վիշտը մեղմացնել (խօսքով կամ գործով), սփոփել, ամոքել
teselli etmek
մխիթարութիւն
մխիթարանք, սփոփանք
teselli