HAZIRLIK AŞAMASINDA

մխոց

մեքենայի շարժական գլան
piston

մխրճիլ

մէջը մտնել, թաղուիլ
gömülmek

մխրճիլ

ընկղմիլ
batmak

մկան

մկանունք, մարմնին այն մսեղէն մասերը՝ որ կրնան թուլնալ կամ կծկուիլ՝ եւ կ՚ապահովեն անդամներու շարժումը
adale, kas

մկրատ

կտրելու գործիք (զոյգ շեղբով)
makas

մկրտել

ջուրի մէջ թաթխել-հանել (երեք անգամ՝ որպէս քրիստոնեայ), կնքել
vaftiz etmek

մղել

դէպի առաջ քշել, հրել
itmek

մղել

թելադրել, դրդել

մղլակ

փայտէ՝ կամ երկաթէ ձող՝ որ կը գործածուի իբրեւ նիգ (գոց դուռը ետեւի կողմէն ամրացնելու համար)
sürgü

մղձաւանջ

ծանր եւ անհանգիստ քուն՝ որ ենթակային վախ կը պատճառէ եւ կարծել կու տայ թէ պիտի խեղդուի, տագնապ
kâbus

մղձաւանջ

անդոհ

մղձկիլ

շունչը կտրիլ, խեղդուիլ, հեղձիլ

մղոն

երկայնութեան չափ մը (ցամաքային 1609 մեդր. ծովային՝ 1852 մեդր)
mil

մղում

մղուելու վիճակ, թափ
itki

մղում

ձգտում

մնալ

տեղէն չհեռանալ, կենալ
kalmak

արթուն մնալ

հսկել

միտքը մնալ

յիշել

ուշ մնալ

ուշանալ, յապաղիլ

պզտիկ մնալ

ամչնալ