HAZIRLIK AŞAMASINDA

յաղթուիլ

կորսնցնել (խաղի մէջ)

յաճախ

յաճախակի, շատ անգամ, ստէպ
çoğun

յաճախել

տեղ մը՝ յաճախ երթալ-գալ, ստէպ այցելել
devam etmek, gidip gelmek

յաճախել

շատնալ, աւելնալ
artmak

յաճախորդ

այն՝ որ խանութէ մը յաճախ առուտուր կ՚ընէ, գնորդ
müşteri

յամառ

իր ըսածին կամ ըրածին վրայ պնդող, պինդգլուխ, կամակոր
inatçı

յամառիլ

բանի մը վրայ պնդել
inat/ısrar etmek

յամառութիւն

յամառելու վիճակ
inat(çılık)

յամառօրէն

յամառաբար, յամառ կերպով

յամենալ

ուշանալ, յապաղիլ
gecikmek

յամենալ

տնտնալ

յամոյր

եղջերուի տեսակ մը
ceylan

յամր

կամաց, դանդաղ, յուշիկ

յամրաքայլ

դանդաղ քայլերով, յամրընթաց

յամրընթաց

յամրաքայլ, ծանրաքայլ
ağır ağır, aheste

յամրօրէն

յամրաբար, կամաց-կամաց, դանդաղ

յայնժամ

այն ատեն, այն ժամանակ

յայտագիր

գրութիւն՝ որով կը յայտնենք հանդիսութեան մը մանրամասնութիւնները (թատերական ներկայացումի, երգահանդէսի եւն.)
program

յայտագիր

ծրագիր

յայտարար

յայտնի դարձնող