HAZIRLIK AŞAMASINDA

յաջորդ

յաջորդող, ետեւէն եկող, հետագայ
ertesi, sonraki

յաջորդաբար

իրարու ետեւէ, կարգաւ

յաջորդել

ետեւէն գալ, հետեւիլ
izlemek, ardından gelmek

յաջորդել

մէկուն տեղը գալ, յաջորդ ըլլալ
yerine geçmek

յառաջ

դէպի առաջ կամ դէպի առջեւ
ileri

յառաջաբան

գրքի մը սկիզբը՝ ընթերցողին տրուած տեղեկութիւն, նախաբան, ներածութիւն
önsöz

յառաջադէմ

յառաջ գացող, յաջողակ
ileri, başarılı

յառաջանալ

դէպի առաջ երթալ
ilerlemek

յառաջապահ

առաջին գիծի վրայ եկող (որեւէ պայքարի մէջ), առաջապահ
öncü

յառաջդիմական

յառաջդիմութեան կողմնակից
ilerici

յառաջդիմել

առաջ երթալ, աւելի լաւ ըլլալ
ilerlemek

յառաջդիմել

զարգանալ

յառաջդիմութիւն

դէպի լաւը փոփոխութիւն
ilerleme

յառաջընթացք

դէպի առաջ ընթացք
ilerleme

յառաջիկայ

անմիջապէս գալիք
gelecek(te/teki)

յառել

աչքերը տնկել եւ անշարժ նայիլ, սեւեռել

յառնել

ոտքի ելլել (նստած՝ կամ պառկած տեղէն)
(ayağa) kalkmak

յառնել

յարութիւն առնել
dirilmek

յասմիկ

անուշահոտ ծաղիկ մը
yasemin

յատակ

խորութիւն ունեցող բանի մը տակը, խորք, ալք
dip, taban