HAZIRLIK AŞAMASINDA

յաւիտենապէս

յաւէտ, ընդմիշտ

յափշտակել

խլել, կորզել, շորթել, գրաւել
kapmak, ele geçirmek, fethetmek

յափշտակութիւն

թալան

յափշտակութիւն

հիացում

յափշտակուիլ

խլուիլ

յափշտակուիլ

հիանալ, զմայլիլ

յափուկ

անուշահոտ ծաղիկ մը
muhabbetçiçeği

յափրանալ

չափազանց կշտանալ, յագենալ
doymak

յելուզակ

գող կամ աւազակ՝ որ յարձակումով կը կողոպտէ, յուղկահար
eşkıya

յեղակարծ

անսպասելի կերպով, յանկարծ

յեղաշրջել

եղանակը կամ կերպը փոխել

յեղաշրջում

մեծ կամ հիմնական փոփոխութիւն (որեւէ վիճակի կամ ըմբռնումի)
tekâmül, evrim

յեղափոխութիւն

քաղաքական իրաւակարգի փոփոխութիւն (բռնի ոյժով)
ihtilal, devrim

յեղյեղել

նոյն բանը շարունակ կրկնել (տարբեր ձեւերով)
tekrar tekrar/evirip çevirip söylemek

յեղյեղուկ

փոփոխական, դիւրափոփոխ, յողդողդ
kalıptan kalıba giren, kararsız, sebatsız, gelgeç huylu

յենակէտ

յեցակէտ, կռթնելու տեղ, լծակի յենարան
dayanak (noktası)

յենակէտ

որեւէ բան՝ որուն վրայ կարելի է հիմնուիլ

յենարան

կռթնելիք տեղ (որեւէ առարկայի)
dayanak

յենուլ

կռթնիլ
dayanmak

յենուլ

ապաւինիլ կամ վստահիլ