ըմբոստ
անհնազանդ
անկարելի
ինչ որ կարելի չէ ընել, չըլլալիք, անհնար
imkânsız, olanaksız
անկարեկիր
անկարեկից, անգութ, անզգայ, չմեղքցող
անկարող
կարողութենէ զուրկ, անճարակ, անզօր
անկեղծ
խարդախութիւն կամ կեղծիք չունեցող, ուղղամիտ, աննենգ
samimi, içten
անկեղծութիւն
առանց մտածումը կամ զգացումը ծածկելո արտայայտուիլ
samimiyet, içtenlik
անկենդան
կեանքը վերջ գտած, մեռած, շնչազուրկ
անկիրթ
կրթութիւն չունեցող, անդաստիարակ, լիրբ
terbiyesiz
անկիւն
իրար հանդիպող երկու կողմերով կազմուած տեղ
köşe
անկիւն
իրար կտրող երկու ուղիղ գիծերուն կազմած պատկերը
açı
անկիւնակալ
բազմիլ բարձր կամ պատուական տեղը նստիլ
անկիւնաչափ
անկիւնները չափելու գործիք
iletki
անկոխ
ոտք չդպած, չկոխուած, ամայի
ayak basılmamış
անկողին
բուրդով կամ բամպակով լեցուած լաթ (պառկելու համար)
yatak
անկողնասարք
այն բոլոր կազմածները՝ որ կը գործածուին պառկելու ատեն (մահճակալ, անկողին, սաւան, բարձ, վերմակ եւն.)
անկորնչելի
ինչ որ չի կորսուիր, անկորուստ
անկում
աւելի ցածը իջնել, կործանում, գահավիժում, իյնալ
düşüş, çöküş
անկումային
այն վիճակը՝ որ դէպի գէշ կ՚երթայ (անկումային գրականութիւն, անկումային արուեստ եւն.)
անկոփ
չտաշուած, ձեռք կամ ոտք չդպած
անկրօն
կրօնք կամ հաւատք չունեցող, անաստուած կամ անհաւատ
dinsiz