նաժիշտ
կին սպասաւոր՝ որ հին ատեն կը ծառայէր բարձր դասակարգի տիկիններու, աղախին
cariye
նախ
ամէնէն առաջ, առաջ, սկիզբ
ilkin, önce
նախաբազուկ
արմուկէն մինչեւ դաստակ
önkol
նախաբան
յառաջաբան (գրքի)
önsöz
նախագահ
ժողովի մէջ գահերէց անձը՝ որ առաջին տեղը կը գրաւէ
başkan
նախագահ
ատենապետ
նախագիծ
ծրագիր, ուրուագիծ
taslak
նախագիտելիք
սկզբնական տեղեկութիւն
նախադաս
սկիզբը դրուած, առաջ դրուած
նախադասութիւն
այն բառերու ամբողջութիւնը՝ որ կ՚արտայայտէ միայն մէկ գործողութիւն՝ մտածում եւ կամ վճիռ (ու կը պարունակէ միայն մէկ հատ դիմաւոր բայ)
cümle
նախադրեալ
առաջ դրուած
նախադրեալ
հաւաքաբանութեան մէջ՝ առաջին երկու նախադասութիւններէն ամէն մէկը՝ որոնցմէ կ՚ելլէ եզրակացութիւնը
öncül
նախադրութիւն
այն անփոփոխ բառերը՝ որոնք գոյականի մը որեւէ մէկ պարագան ցոյց կու տան
edat, ilge.
նախախնամութիւն
այն զօրութիւնը՝ որ առաջուընէ հոգացած է արարածներու պահանջքները, Աստուած
ilahi kuvvet, takdiriilahi
նախախնամութիւն
բնութիւն
նախակարապետ
առաջնորդներու առաջինը
նախակրթարան
սկզբնական կրթութեան դպրոց
նախակրթութիւն
նախնական ուսում
ilköğretim
նախահայր
առաջին հայր (որմէ սերած են բոլոր մարդիկ եւ կամ ամբողջ ցեղ մը)
ata
նախահայր
հիմնադիր