HAZIRLIK AŞAMASINDA

նախահոգութիւն

նախատեսութիւն, կարիքները առաջուընէ հոգալ, հեռատեսութիւն

նախաձեռնարկ

առաջին անգամ ձեռնարկող
öncü

նախաձեռնութիւն

ուրիշներէ առաջ ձեռնարկել
öncülük, inisiyatif girişim

նախաճաշ

առտուան ճաշ (թեթեւ)
kahvaltı

նախամեծար

նախապատիւ, գերադաս

նախայարձակ

առաջին յարձակումը գործող

նախանձ

այն վրդովումը՝ զոր կ՚զգանք՝ երբ մէկը յաջողած կամ նախընտրուած տեսնենք, չարակնութիւն
kıskançlık

նախանձախնդիր

բան մը եռանդով պաշտպանող, բարենախանձ,
istekli, titiz

նախանձելի

բաղձալի, փափաքելի, ցանկալի

նախանձիլ

նախանձ զգալ, չարանալ, յաչաղիլ
kıskanmak

նախանձիլ

ցանկալ, տենչալ
gıpta etmek

նախանձոտ

նախանձող, յաչաղկոտ

նախաշաւիղ

տարրական գիտելիք

նախապաշարում

առաջուընէ կազմուած սխալ կարծիքներ
önyargı

նախապաշարում

անհիմն հաւատալիքներ
boş inanç

նախապատիւ

աւելի պատուական, աւելի լաւ, նախամեծար

նախապատմական

պատմական շրջանէն առաջ

նախապատուութիւն

նախընտրութիւն
tercih, öncelik

նախապատրաստական

սկզբնական

նախապատրաստական

աւելի վեր կարգի պատրաստող (դասարան)
hazırlık