անկցի՛
թող մեռնի, թող կորսուի
kahrolsun
անհաղորդ
կապակցութեան մէջ չգտնուող, անմասնակից, անբաժին
անհաճոյ
ինչ որ հաճելի չէ, անախորժ, անհամ
nahoş
անհամ
համ չունեցող, ինչ որ համով չէ, անհաճոյ
tatsız
անհամար
չհամրուելու չափ շատ, անթիւ
sayısız
անհամբեր
այն՝ որ չի կրնար կամ չ'ուզեր սպասել
sabırız
անհամբերութիւն
ուզել որ բան մը շատ շուտ ըլլայ
sabırsızlık
անհամեմատ
ուրիշներէ շատ տարբեր, անբաղդատելի, աննման
emsalsiz, kıyas, kabul etmez
անհանգստութիւն
հիւանդութիւն, մարմնական տկարութիւն
rahatsızlık
անհանգստութիւն
հանգիստ կամ գոհ չըլլալ (տեղէ մը կամ վիճակէ մը)
անհանգրուան
հանգստանալու տեղ կամ կայան չունեցող
անհասանելի
որուն հասնիլ կարելի չէ, շատ բարձր կամ մեծ
ulaşılmaz, erişilmez
անհաստատ
անկայուն, խախուտ, խարխուլ
անհատ
անձ, մարդ, մէկ հոգի
kişi, birey
անհատական
մէկ հոգիի վերաբերեալ, անձնական
kişisel, bireysel
անհատականութիւն
մարդուն բարոյական բարձր նկարագիրը
kişilik
անհարթ
խորտուբորտ, անհաւասար, ծուռումուռ
անհաւասար
իրարմէ տարբեր մեծութեամբ
eşitsiz
անհաւասարակշիռ
ուղիղ կենալու կամ ուղիղ գործելու կարողութիւնը կորսնցուցած
dengesiz
անհաւասարակշիռ
կը գործածուի նաեւ խենդի իմաստով