HAZIRLIK AŞAMASINDA

նկարահանդէս

նկարներու ցուցահանդէս
resim sergisi

նկարել

գիծերով եւ գոյներով ներկայացնել
(resim) çizmek, resmetmek

նկարիչ

այն արուեստագէտը՝ որ նկարչութեամբ կ՚զբաղի
ressam

նկարչութիւն

նկարելու արուեստ
ressamlık, resim (sanatı)

նկուղ

գետնափոր տեղ՝ կամ յարկ
bodrum

նկուն

անարգ, նուաստ

նկուն

ամօթահար

նկրտիլ

ձգտիլ, ջանալ, ճգնիլ
çabalamak, yönelmek

նման

նոյն յատկութիւնները ունեցող
benzer

նման

նոյն կերպով, այսպիսի
böylesi

նման

իբրեւ, զերդ

նմանապէս

նոյն կերպով, նոյնպէս

նմանիլ

նմանութիւն ունենալ

նմանիլ

օրինակել

նմանութիւն

հանգիտութիւն

նմանութիւն

նմանցուած որեւէ բան

նմանութիւն

օրինակ

նմանցնել

նման ընել, հաւասարեցնել
benzetmek

նմոյշ

բանի մը մասին գաղափար կազմելու համար առնուած փոքր մաս, օրինակ
numune, örnek

ննջարան

ննջասենեակ, քնանալու սենեակ
yatak odası