HAZIRLIK AŞAMASINDA

անձեռնհաս

կարողութենէ զուրկ, անընդունակ, անկարող
yeteneksiz, ehliyetsiz

անձեռնմխելի

այն իրաւունքը՝ որուն կարելի չէ դպչիլ, անկապտելի
dokunulmaz

անձեռոց

սրբիչ, ձեռքի սրբիչ, դաստառակ
peşkir

անձինք

անձեր, մարդեր, մարդիկ

անձկագին

շատ նեղուած, սրտադողով

անձկալի

բաղձալի, տենչալի, ցանկալի, ուզուելիք

անձկայրեաց

կարօտով այրած, կարօտակէզ

անձկաւ

կարօտով, կարօտագին

անձկութիւն

հոգեկան կամ դրամական նեղութիւն,

խեղճութիւն

նեղացում
sıkıntı, endişe

անձնագիր

մարդու մը ինքնութիւնը ցոյց տուող թուղթ կամ տետրակ
nüfus kağıdı/cüzdanı, kimlik

անձնագոհ

իր անձէն գոհ, ինքզինքէն գոհ

անձնազոհ

մէկը՝ որ ուրիշներու հանդէպ միշտ շատ բարի է, անձնուէր
fedakâr

անձնազոհութիւն

ինքզինքը զոհել՝ այսինքն ձեռքէն եկած ամէն բարիք ընել ուրիշին, անձնուիրութիւն

անձնակազմ

գործի մը մէջ աշխատող մարդոց ամբողջութիւնը
personel, kadro

անձնական

անձի մը կամ մարդու մը վերաբերեալ, մասնաւոր
şahsi

անձնապաստան

անձնավստահ, ինքնավստահ, յանդուգն

անձնապատուութիւն

անձնապարծութիւն, ինքզինքին պատիւ ընել, փառասիրութիւն, սնափառութիւն

անձնասէր

մէկը՝ որ ինքզինքը շատ կը հաւնի եւ կ՚ուզէ ամէնէն աւելի ինք օգտուիլ ի վնաս ուրիշներուն
hodbin, bencil

անձնասիրութիւն

անձնասէր ըլլալ, ուրիշներուն վնաս պատճառելու աստիճան ինքզինքը խորհիլ