HAZIRLIK AŞAMASINDA

շաղապատել

փաթթուիլ, պլլուիլ
sarılmak

շաղկապ

այն անփոփոխ բառը՝ որ խօսքի մը մասերը իրար կը կապէ
bağlaç

շաղուել

նիւթ մը ուրիշ նիւթերով՝ կամ ջուրով խառնել ու ճմլել
yoğurmak

շաղփաղփուն

շաղփաղփ, շատախօս

շամանդաղ

մշուշ, մառախուղ, մէգ
sis

շամփուր

երկաթէ բարակ ձող (միս խորովելու համար)
şiş

շանաձուկ

ծովային գազան մը
köpekbalığı

շանթ

կայծակ

շանթ

կայծակի հարուած
yıldırım

շանթահարել

շանթով զարնել (սպաննել)

շանթարգել

երկաթէ կամ պղինձէ ձող՝ որ շէնքերը կը պահպանէ շանթի հարուածէն
paratoner

շաշ

կաթնեղէն ուտելիք (ամէն տեսակի)

շաչիւն

շաչելու ձայն, մետաղներու իրար զարնուելով հանած ձայնը, շաչում

շապիկ

մերկ մարմնի վրայէն հագնելիք
gömlek

շապկընկեր

շապիկի հետ հագնելիք, վարտիք
don

շառագոյն

բոցագոյն, կարմիր, շէկ

շառագունիլ

կարմրիլ (երեսը), շիկնիլ
kızarmak

շառայլ

շառափ, լոյսի շող, ճառագայթ
şavk

շառաչ

շառաչիւն, ուժգին զարնուող ջուրին հանած ձայնը
şırıltı

շառաչ

ապտակի ձայն