HAZIRLIK AŞAMASINDA

շարունակ

միշտ, անընդհատ, անդադար
devamlı

շարունակել

յարատեւել, չընդհատել
devam et(tir)mek

շարունակութիւն

այն մասը՝ որ կը յաջորդէ
devam

շարունակուիլ

տեւել, չընդհատուիլ
devam etmek, sürmek

շարք

շարուածք, կարգ, շարան
sıra

շաւիղ

նեղ ճամբայ

շաւիղ

ուղղութիւն, հետք

շափիւղայ

թանկագին քար մը (կապոյտ գոյնով)
gökyakut

շափրակ

ծաղիկներու պսակի թերթերը
taç (yapraklar)

շաքար

անոյշ նիւթ մը՝ զոր կը հանեն ճակնդեղէ կամ շաքարեղեգէ
şeker

շաքարախտ

ծանր հիւանդութիւն մը, շաքարամիզութիւն
şeker (hastalığı), diyabet

շաքարեղեգ

շաքարեղէգ, եղեգի տեսակ մը՝ որ առատ շաքար կը պարունակէ
şekerkamışı

շեղ

ծուռ, խոտոր, անուղիղ
eğri, eğik

շեղբ

դանակին կամ ածելիին կտրող մասը

շեղիլ

ծռիլ

շեղիլ

խօսքի բուն նիւթէն հեռանալ
sapmak

շեղջ

շեղջակոյտ, դէզ, կոյտ
yığın, küme

շեմ

դրան մուտքի մասը, սեմ
eşik

շեշտ

ձայնի սաստկութիւն (որպէս առոգանական նշան) (՛)
vurgu

շեշտել

շեշտով արտասանել
vurgulamak