HAZIRLIK AŞAMASINDA

շնորհք

ձիրք, արժանիք
erdem

շնորհք

վայելչութիւն, հրապոյր

շնորհք

շնորհներ

շնչահատ

շնչատ, շնչասպառ, հեւասպառ

շնչահեղձ

շունչը կտրած, խեղդուած

շնչառութիւն

շունչ առնել տալ, օդը ներս շնչել ու արտաշնչել
solunum

շնչասպառ

շունչը հատած, հեւասպառ

շնչարգելութիւն

հիւանդութիւն մը՝ որ կը դժուարացնէ շնչառութիւնը
astım

շնչաւոր

շունչ ունեցող, շնչող, կենդանի
canlı

շնչափող

խռչակէն մինչեւ թոքերը երկարող շնչառութեան խողովակ
soluk borusu

շնչել

շունչ առնել ու արտաշնչել
nefes/soluk almak

շնչել

ապրիլ

շնչերակ

արեան զոյգ խողովակներ՝ որոնցմէ մէկը սրտէն թոքերուն կը տանի աղտոտ արիւնը՝ իսկ միւսը՝ սրտէն մարմնի բոլոր մասերուն կը տանի մաքուր արիւնը
atardamar

շշմիլ

շլմորիլ, ապշահարիլ, վրդովիլ
afallamak, şaşmak

շշնջել

ցած ձայնով բան մը ըսել, փսփսալ
fısıldamak

շշուկ

աղմուկ կամ իրարանցում (ցած ձայնով)

շշունջ

շշնջիւն, ցած ձայն, փսփսուք
fısıltı

շոգեկառք

շոգեշարժ կառք, վայրաշարժ
tren

շոգեմակոյկ

շոգեշարժ կամ շոգեգնաց մակոյկ
motor

շոգենաւ

շոգեշարժ կամ շոգեգնաց նաւ
vapur, gemi