HAZIRLIK AŞAMASINDA

շտկել

հարթել

շտկել

յարդարել

շտկել

սրբագրել

շրէշ

կօշկակարի մածոյց
çiriş

շրթունք

շրթներ, բերնի բացուածքը եւ ակռաները ծածկող զոյգ մկաններ, պռկունք
dudak

շրջաբանութիւն

շատ բառերով արտայայտել բան մը՝ զոր կարելի է մէկ բառով ըսել (ոճի ձեւ)
dolaylama

շրջաբերական

որեւէ գրութիւն կամ նամակ՝ որ միեւնոյն ատեն շատերու կ՚ուղղուի
sirküler, genelge

շրջաբերութիւն

շրջանաձեւ պտոյտ՝ որպէս տարածում կամ գործածում (դրամի եւն.)
tedavül, dolaşım

շրջագայիլ

այս ու այն կողմ պտտիլ, շրջիլ
dolaşmak

շրջագիծ

առարկայի մը եզերքի գիծը
çevre

շրջազգեստ

կնոջական զգեստ
fistan, elbise

շրջակայ

շուրջը եղած, մօտակայ, մերձակայ
civar, çevre(deki), etraf(taki), yöre(deki)

շրջակայք

շուրջը եղած տարածութիւնը, մերձակայք
civar, havali, çevre, dolay, etraf

շրջահայեաց

շուրջը նայող
etrafına bak(ın)an, dikkatli

շրջահայեաց

զգոյշ
ihtiyatlı, tedbirli, ilerisini düşünen

շրջան

պտոյտ՝ որ կը հասնի իր սկսած տեղը
dönüş, tur, dolaşım, çember, çevre

շրջան

ժամանակի որոշ տեւողութիւն
devir, dönem, evre

շրջանակ

որեւէ իր կամ պատկեր շրջապատող կազմած
çerçeve

շրջանակ

այն շրջագիծը՝ որուն բոլոր կէտերը՝ կեդրոնէն հաւասարապէս հեռու կը գտնուին
çember, daire

շրջանակել

շրջանակի մէջ դնել