անճարպիկ
անյաջող, ճարպիկութիւն չունեցող, անճարտար, ապիկար
անճիշդ
սխալ, ճշդութենէ զուրկ, սուտ
անճոռնի
շատ գէշ կամ շատ տգեղ, այլանդակ, անշնորհ
çirkin, biçimsiz, abes
անճրկիլ
շուարիլ մնալ, ինչ ընելիքը չգիտնալ
şaşırıp kalmak, acze düşmek
անմահ
այն՝ որ չի մեռնիր կամ մահէն ետք ալ միշտ կը յիշուի իր բարի եւ օգտակար գործերուն շնորհիւ
ölümsüz
անմահական
շատ աղուոր, սքանչելի, գերազանց
անմահանալ
մահէն ետք ալ միշտ բարի յիշուիլ, անմահ դառնալ
ölümsüzleşmek
անմահութիւն
չմեռնիլ, յաւիտենապէս ապրիլ, յաւիտենութիւն
ölümsüzlük, ebediyet
անմատչելի
որուն կարելի չէ մօտենալ
անմատչելի
շատ սուղ
անմարդաբնակ
ուր մարդ չ'ապրիր, անբնակ, անշէն
անմարդի
տեղ մը՝ ուր մարդ չի գտնուիր, անբնակ.
անմարդի
բան մը՝ որ մարդկային չէ, տմարդի
անմաքուր
աղտոտ
kirli, temiz olmayan
անմեկին
անմեկնելի, զոր կարելի չէ բացատրել.
անմեկին
անբաժան, միացած
անմեղ
յանցանք չունեցող, խիստ բարի
masum
անմերձենալի
որուն մօտենալ խիստ դժուար է, անմատչելի
yanına varılmaz, erişilmez, ulaşılmaz
անմիաբան
անհամաձայն, տարբեր կարծիքներով
անմիջական
առանց ուրիշ բանի սպասելու
acil, hemen, doğrudan, dolaysız