HAZIRLIK AŞAMASINDA

Ովիդոս

շուրջ քսան դար առաջ ապրած՝ մեծահռչակ լատին բանաստեղծ մը

ովկիանոս

ովկէանոս, շատ ընդարձակ ծով (հողամասերու միջեւ)
okyanus

ովսաննա

ուրախութեան եւ օրհնութեան ձայն, փառաբանութիւն

ովսաննա

յատուկ անուն (կնոջ)

ոտանաւոր

չափածոյ՝ կամ տաղաչափական գրուածք, տաղաչափութիւն
şiir

ոտնաձայն

ոտքի՝ կամ քայլերու ձայն
ayak sesi

ոտնաման

ոտքի հագնելիք, կօշիկ
ayakkabı

Ոտնլուայ

Աւագ Հինգշաբթի երեկոյեան կատարուող եկեղեցական արարողութիւն

ոտնձգութիւն

իր իրաւունքէն դուրս գործել

ոտք

մարմնի այն մասերը՝ որոնցմով կը քալենք
ayak

ոտք

ոտանաւորի տողերուն վանկերը

որ

յարաբերական դերանուն
ki

ո՞ր

hangi

որակ

յատկութիւն, տեսակ
kalite, nitelik

որակական

որակ՝ յատկութիւն ցոյց տուող

որակաւոր

որակեալ՝ լաւ որակ ունեցող,
kaliteli

որակել

որակը՝ կամ յատկութիւնը որոշել,
nitelemek

որայ

քաղուած ցորենի կամ գարիի խուրձ,
demet

Որատիոս

շուրջ քսան դար առաջ ապրած՝ մեծահռչակ լատին բանաստեղծ մը

որբ

ծնողքը՝ եւ կամ հայրը կամ մայրը մեռած,
yetim