HAZIRLIK AŞAMASINDA

ուխտ

դաշն, դաշինք

ուխտ

Կտակարան

ուխտ

սրբավայրի մը մէջ երկրպագութիւն (երբեմն մատաղով)

ուխտ

միաբանութիւն

ուխտագնացութիւն

ուխտի երթալ

ուխտադրուժ

ուխտազանց, ուխտը դրժող

ուխտավայր

ուխտատեղի, ուխտի երթալու տեղ

ուխտաւոր

ուխտ ունեցող

ուխտաւոր

ուխտի գացող

ուխտել

ուխտ ընել

ուխտել

խոստանալ (երդումով)

ուծանալ

պաղիլ ու հեռանալ
soğumak

ուծանալ

օտարանալ

ուղարկել

ղրկել, առաքել
yollamak

ուղեգիծ

ճամբու գիծը կամ ուղղութիւնը

ուղեկից

ճամբու՝ կամ ճամբորդութեան ընկեր

ուղեկորոյս

ճամբան կորսնցուցած

ուղեղ

մեր զգայութիւններու կեդրոնը՝ որ կը գտնուի գանկին մէջ
beyin

ուղեղ

խելք, միտք

ուղերձ

շնորհաւորական կամ շնորհակալութեան խօսք՝ որ կ՚ուղղուի մէկուն՝ կազմակերպութեան մը կամ խումբի մը կողմէ
mesaj