HAZIRLIK AŞAMASINDA

անմիջական

առաջին ըլլալով

անմիջապէս

շուտով, իսկոյն
hemen, derhal

անմիտ

խելք-միտք չունեցող, անխելք, ապուշ
akılsız, aptal

անմխիթար

առանց մխիթարութեան, խիստ տխուր, վշտահար
tesellisiz

անմշա

չհերկուած (հող), խոպան

անմշա

անուս, տգէտ, զարգացում չունեցող

անմոլոր

անմոլար, առանց սխալելու, ուղիղ, շիտակ

անմոռաց

անմոռանալի, զոր կարելի չէ մոռնալ կամ չյիշել
unutulmaz, unutulmayan

անմռունչ

անձայն, լուռ

անմտութիւն

անխելքութիւն, տխմարութիւն
akılsızlık

անյագ

այն՝ որ կշտանալ չի գիտեր, անկուշտ
obur, doymak bilmez, doyumsuz

անյագութիւն

որկրամոլութիւն
oburluk, doyumsuzluk

անյաղթ

չյաղթուող, անյաղթելի, չպարտուող
yenilmez

անյայտ

կորսուած կամ անտեսանելի

անյայտ

անծանօթ, անորոշ
bilinmeyen, meçhul

անյայտանալ

կորսուիլ, անհետանալ, աներեւութանալ

անյապաղ

առանց ուշանալու, անմիջապէս, իսկոյն

անյաջող

նպատակին չհասած, ձախողած
başarısız

անյարդար

չյարդարուած, չշտկուած, անխնամ

անյարիր

իրար չկապուող, անյարմար, անկապ