HAZIRLIK AŞAMASINDA

ուռիլ

ուռեցք գոյանալ, այտնուլ

ուռկան

բարակ թելերով հիւսուած ցանց (ձուկ որսալու), արձոյլ,

ուռճանալ

բարգաւաճիլ, զարգանալ, լեցուիլ

ուռճացնել

ճոխացնել, զարգացնել, զօրացնել

ուռուցիկ

ուռած

ուռուցիկ

ճոռոմ, փքուռոյց

ուս

թեւերուն՝ իրանին միացած մասը,
omuz

ուսամբարձ

ուսերու վրայ բարձրացած

ուսանիլ

սորվիլ

ուսանիլ

սորվելով զարգանալ
okumak, öğrenim görmek

ուսանող

աշակերտ (բարձրագոյն վարժարանի)
öğrenci

ուսեալ

ուսում առած, զարգացած
okumuş, eğitimli

ուսողութիւն

գիտութիւններու ամբողջութիւն՝ որ կ՚ուսումնասիրէ հաշուելի եւ չափելի բոլոր քանակութիւնները (բաժանումներն են՝ թուաբանութիւն, երկրաչափութիւն, գրահաշիւ եւն.)
matematik

ուսում

սորվելով ձեռք բերուած գիտական զարգացում
tahsil, öğrenim

ուսումնական

ուսման վերաբերեալ

ուսումնական

ուսում առած (մարդ), գիտնական

ուսումնասիրել

որեւէ հարցով՝ մանրամասն զբաղիլ (լաւ ծանօթանալու համար)
tetkik etmek, incelemek, araştırmak

ուսումնասիրութիւն

այն հարցը՝ զոր կ՚ուսումնասիրենք, հետազօտութիւն
tetkik, inceleme, çalışma, araştırma

ուսումնատենչ

ուսման փափաք ունեցող

ուսումնաւարտ

ուսման շրջանը աւարտած