HAZIRLIK AŞAMASINDA

անշահ

անօգուտ
faydasız

անշահախնդիր

առանց շահու նկատում ունենալու, անկեղծ, անշահասէր

անշարժ

այն՝ որ շարժումի մէջ չէ, կայուն
hareketsiz

անշեղ

առանց շեղելու կամ ճամբան փոխելու, ուղիղ

անշէջ

չմարող, անմարելի, միշտ վառած վիճակով

անշնորհք

տգեղ, անճոռնի, անվայել

անշնչանալ

շունչը հատնիլ, մեռնիլ

անշշուկ

առանց ձայնի կամ աղմուկի, լուռ, խաղաղ

անշշունջ

անձայն, առանց խօսելու կամ փսփսալու, մունջ
sessiz, sessiz sedasız

անշունչ

առանց շունչի մնացած, մեռած
cansız

անշունչ

իր կամ առարկայ

անշուշտ

հարկաւ, այնպէս է, ի հարկէ, անկասկած
elbette, tabii, tabii ki, şüphesiz

անշուք

պարզ, համեստ, անփառունակ
gösterişsiz

անշտապ

առանց աճապարելու, կամաց

անշփոթ

առանց տակնուվրայ ըլլալու, հանդարտ, անխռով

անոխակալ

այն՝ որ վրէժխնդիր կամ ոխակալ չէ, ներողամիտ

անողորմ

անգութ, անխիղճ

անողոք

անողոքելի, այն՝ որ կակուղնալ չի գիտեր, խիստ, դաժան
amansız

անոնք

յոգնակի Գ դէմքի անձնական դերանուն
onlar

անոպայ

կոշտ ու կոպիտ, ըրածը չգիտցող, բիրտ
yabani