HAZIRLIK AŞAMASINDA

պարագայական

պարագայի վերաբերեալ

պարագայական

նախադասութեան մէջ՝ այն բառերը՝ որոնք կ՚արտայայտեն գործողութեան մը պարագաները՝ (եղանակը, ժամանակը, տեղը, քանակը եւն.)

պարագլուխ

խումբի մը պետը, առաջնորդ
elebaşı

պարագրել

բովանդակել

պարագրել

պարփակել

պարածածկել

չորս կողմէն ծածկել, պատել

պարահանդէս

այն հաւաքոյթը՝ ուր հրաւիրեալներ եկած են պարելու
balo

պարան

չուան

պարանոց

ճիտ, վիզ
boyun

պարապ

ոչ-լեցուն, դատարկ, թափուր, ունայն, սին, փուճ, զուր, նանիր
boş

պարապ

անգործ

պարապիլ

զբաղիլ, աշխատիլ
meşgul olmak, uğraşmak

պարապութիւն

դատարկութիւն, ունայնութիւն, ոչնչութիւն
boşluk

պարապութիւն

անգործութիւն

պարապում

պարապմունք, զբաղում, գործ

պարառական

պարունակող

պարառական

գրաբարի մէջ՝ “զ” նախդիրով գործիական հոլով՝ որ կը նշանակէ “շուրջը” կամ “մօտը” (ինչպէս՝ զքաղաքաւ = քաղաքի շուրջը, զմիջօրէիւ = կէսօրին մօտ)

պարարտ

պարարակ, գէր, ճարպոտ
semiz

պարարտանալ

պարարիլ, գիրնալ

պարբերաթերթ

պարբերական հրատարակութիւն (շաբաթաթերթ, ամսաթերթ եւն.)
süreli yayın, dergi