HAZIRLIK AŞAMASINDA

պնդութիւն

տոկունութիւն
dayanıklılık

պնդում

ստիպում, պահանջում
ısrar, iddia

պնդօրէն

ամուր կամ հաստատ կերպով

պշնուլ

զարմացած՝ անթարթ նայիլ (ապուշի պէս)

պշուցեալ

պշուցած, աչքերը յառած (զարմանքով)

պողոտայ

մեծ ճամբայ, լայն փողոց
bulvar, cadde

պողպատ

առաձգական երկաթ
çelik

պողպատել

պողպատ դարձնել, մխել
çelikleştirmek

պողպատել

ամրացնել, զօրացնել

պոչ

կարգ մը կենդանիներու ողնաշարի շարունակութիւնը՝ որ մարմնէն դուրս երկարած է, ագի
kuyruk

պոչ

մարդոց շարք (իրարու ետեւ կեցած)
kuyruk

պոչատ

պոչը կտրած, ագատ

պոչաւոր

պոչ ունեցող
kuyruklu

պոչաւոր աստղ

գիսաւոր

պոչաւոր սուտ

անհաւատալի սուտ

պոռալ

աղաղակել, ճչել, գոչել
bağırmak

պոռթկալ

ուժգնութեամբ դուրս հոսիլ

պոռթկալ

ժայթքել

պոռթկալ

համբերութիւնը հատնիլ ու մտքէն անցածը ամբողջութեամբ ըսել
patlamak

պոռնիկ

անպատիւ կին, բոզ, աղիճ
fahişe