ջոլիր
թշնամիներու բազմութիւն
ջոկ
խումբ
ջոկ
զատ, առանձին
ջոկատ
զօրագունդի մէկ մասը՝ որ զատուած է մասնաւոր նպատակի մը համար
müfreze
ջոջ
աւագ, մեծ
büyük
ջոջ
երեւելի, գլխաւոր
ileri gelen
ջով
ուռճացած ոստ, ճիւղ
çubuk, dal
ջորեպան
ջորիով բեռ փոխադրող
katırcı
ջորի
ձիու եւ իշու զուգաւորումէն ծնած չորքոտանի մը
katır
ջութակ
լարաւոր նուագարան մը
keman
ջութակահար
ջութակ ածող արուեստագէտ
kemancı
ջուլհակ
ոստայնանկ, կտաւագործ
çulha
ջուխտակ
զոյգ մը
çift
ջուխտակ
երկուորեակ
ջուր
անհոտ ու անհամ թափանցիկ հեղուկ (թթուածին եւ ջրածինի միացումով գոյացած)
su
ջրաբաշխութիւն
ջուրի բաշխում
ջրաբաշխութիւն
այն գիտութիւնը՝ որ կ՚զբաղի հեղուկներու շարժումով եւ հաւասարակշռութեամբ
hidrolik
ջրաթաթախ
ջուրի մէջ թաթխուած, թրջած
ջրախառն
որուն մէջ ջուր խառնուած է
sulu, suyla karışık
ջրածին
անհոտ՝ անհամ՝ անգոյն կազային մարմին մը
hidrojen