HAZIRLIK AŞAMASINDA

սանձ

ձիու բերանէն անցուած երկաթէ ձողիկ՝ որուն երկու ծայրերէն կապուած են փոկեր (կը ծառայէ կենդանին զսպելու կամ գնացքին ուղղութիւն տալու) պախուրց, երասանակ
gem, yular

սանձազատ

սանձէ ազատած, չկաշկանդուած

սանձակոտոր

սանձը կոտրող, անհնազանդ

սանձարձակ

սանձազերծ, առանց սանձի, անսանձ.

սանձարձակ

անզուսպ ձգուած

սանձել

սանձահարել, սանձ դնել, զսպել
gemlemek

սանտր

ատամնաւոր առարկայ մը՝ մազերը յարդարելու
tarak

սանտրել

սանտրով մազերը յարդարել
taramak

սանտրել

բուրդը կամ կանեփը՝ սանտրով մաքրել

սառ

սառն, սառոյց
buz, don

սառ

պաղ, ցուրտ

սառիլ

ցուրտի ազդեցութեամբ հեղուկ վիճակէ հաստատուն վիճակի փոխուիլ
donmak

սառիլ

սաստիկ մսիլ

սառնադարան

պահարան՝ որուն մէջ ուտելի կամ ըմպելի նիւթեր կը պաղեցնեն
buzdolabı

սառնամանիք

սաստիկ ցուրտ

սառնամանիք

սառոյց

սառնապատ

սառնամած, սառոյցով ծածկուած

սառնարան

պաղեցնող տեղ՝ կամ գործիք

սառնուշ

սառնանուշ, պաղպաղակ

սառոյց

ցուրտի ազդեցութեամբ սառած ջուր
buz