HAZIRLIK AŞAMASINDA

սարաժայռ

լերան վրայ գտնուող ժայռ

սարահարթ

լերան վրայ տափարակ գետին
yayla

սարաւանդ

սարաւանդակ, լերան դուրս ցցուած մասը

սարաւանդ

հրուանդան

սարաւանդ

դարաւանդ

սարդ

յօդաւոր բազմոտանի կենդանի մը՝ որ ոստայն կը հիւսէ ճանճեր ու միջատներ որսալու համար, մամուկ
örümcek

սարեակ

սարեկ, կեռնեխի նմանող թռչուն մը
ispinoz

սարկաւագ

եկեղեցական պաշտօնեայ՝ որ պատարագի ատեն կ՚սպասարկէ քահանային
diyakoz

սարսատիլ

չորնալ, ազազիլ, գօսանալ

սարսափ

սաստիկ վախ, սոսկում, արհաւիրք
dehşet

սարսափահար

սարսափած, լեղապատառ

սարսափելի

սարսափ ազդող, զարհուրելի
dehşetli

սարսափիլ

սաստիկ վախնալ, զարհուրիլ, ահաբեկիլ, սոսկալ, սահմռկիլ
dehşete kapılmak

սարսիլ

սասանիլ, ցնցուիլ
sarsılmak

սարսիլ

սոսկալ

սարսուռ

դող, ցնցում
titreme, ürperti

սարսուռ

սոսկում, ահուդող

սարսռագին

սարսափէն դողացող, սարսափահար

սարսռագին

սարսուռով լեցուն

սարսռալ

սարսուռ զգալ (վախէն, ցուրտէն)
titremek, ürpermek