HAZIRLIK AŞAMASINDA

անսուտ

անկեղծ, առանց սուտի, ճշմարիտ

անսպառ

ինչ որ չի հատնիր, անհատնում

անսպասելի

չսպասուած, յանկարծակի, անակնկալ
beklenmedik

անստգիւտ

որուն մէջ սուտ կամ սխալ բան չի գտնուիր, անբիծ, անթերի

անստոյգ

ինչ որ ճշդուած չէ, կասկածելի, անորոշ

անստուգութիւն

անորոշութիւն, տարտամութիւն

անվախ

վախ չունեցող, քաջ, անվեհեր
korkusuz

անվախճան

վերջ չունեցող, անվերջ, անհատնում

անվառօդ

առանց վառօդի (հրացան), պարապ զէնք՝ որ անվտանգ է
barutsuz, barutsuz boş tüfek

անվարան

առանց ուրիշ բան նկատի ունենալու, ուղղակի, անկասկած
tereddütsüz

անվարժ

վարժութիւն կամ փորձառութիւն չունեցող, սկսնակ
acemi

անվարձ

առանց վարձքի կամ վճարումի, անվճար, ձրի

անվաւեր

սովորական, ինչ որ ընդունուած կամ հաստատուած չէ տակաւին
geçersiz, onaylanmamış

անվեհեր

անվախ, քաջ
cesur, korkusuz

անվերադարձ

ետ չդարձող, անդարձ

անվերջ

վերջ չունեցող, անվախճան

անվթար

առանց վնասուելու, անեղծ, ապահով

անվտանգ

վտանգէ կամ փորձանքէ զերծ, ապահով

անվրդով

առանց վրդովելու, անխռով, անայլայլ

անվրէպ

նպատակին հասած, անշեղ, անսխալ