HAZIRLIK AŞAMASINDA

սղում

ձայնաւոր գիրերու կորուստ կամ հնչիւնի կրճատում
kısalma

սմբակ

ձիու ոտքին տակը պատող կարծր եղունգ
toynak

սմբուկ

ուտելի բանջարեղէն մը
patlıcan

սմսեղուկ

ծածուկ չարութիւն ընող, կեղծաւոր
sinsi

սմքիլ

ծաւալը փոքրանալ, չորնալ, թօշնիլ
büzülmek, oturmak, inmek, çekilmek

սնած

սնունդ առած

սնած

դաստիարակուած

սնամէջ

մէջը պարապ, դատարկ
içi boş

սնանիլ

սնունդ ստանալ, կերակրուիլ
beslenmek

սնանկ

պարտքերը վճարելու անկարող (անձ)
müflis

սնապաշտ

սնոտիապաշտ, աւելորդապաշտ

սնապարծ

պարապ բաները իրեն պարծանք համարող, պարծենկոտ, ունայնամիտ

սնար

պառկած մարդու գլխու կողմը
başucu

սնար

բարձ

սնափառ

սնապարծ, փառամոլ, պարծենկոտ

սնափառութիւն

պարապ բաները փառք համարել, սնապարծութիւն, փառամոլութիւն

սնգուրել

սնգոյր քսել, շպարել, ներկել
allık sürmek

սնդիկ

արծաթագոյն՝ հեղուկ՝ մետաղ մը
civa

սնդուս

տեսակ մը մետաքսէ կերպաս, շար
atlas

սննդարար

առատ սնունդ պարունակող
besleyici