HAZIRLIK AŞAMASINDA

սնոտի

սին, դատարկ, փուճ, ունայն, չնչին

սնունդ

այն նիւթերը՝ որոնցմով կ՚աճին կենդանի մարմինները
gıda, besin

սնունդ

ուտելիք-խմելիք

սնուցանել

սնունդ տալ, կերակրել, ջամբել
beslemek

սնուցիչ

սնուցանող, կերակրող

սնտուկ

սնդուկ, խոշոր տուփի ձեւով պահարան, արկղ (զանազան իրեր պահելու)
sandık

սոթտել

թեւերը կամ քղանցքը՝ վեր հաւաքել
sıvamak

սոթտել

կողոպտել
yolmak

սոխ

ուտելի բոյս մը (կծու համով)
soğan

սոխակ

քաղցրաձայն թռչուն մը
bülbül

սողալ

պառկած վիճակով՝ կամ մարմինը գետնի վրայ քաշելով յառաջանալ
sürünmek

սողնակ

մղլակ, նիգ
sürgü

սողնակ

կղպանքի լեզուակը

սողոսկիլ

սողալով ներս մտնել, ներս սպրդիլ

սողուն

սողացող կենդանի, զեռուն
sürüngen

սոճի

շոճի, եղեւինի ընտանիքէն ծառ մը
(fıstık) çam(ı)

սոյլ

սուլելու ձայն, շչիւն
ıslık

սոյլ

արմատ՝ սուլել բային

սոնքալ

գէր դառնալ, գիրնալ

սոնքալ

հպարտանալ