HAZIRLIK AŞAMASINDA

սպիտակ

սպիտակամորթ

սպիտակամորթ

սպիտակ մորթ ունեցող (ցեղ)

սպիտակուց

հաւկիթի դեղնուցը շրջապատող մասը, ճերմկուց
(yumurta) ak(ı)

սպիտակուց

աչքի գնդաձեւ ճերմակ մասը
gözakı

սպունգ

ծակոտկէն ու առաձգական մարմնով ծովային կենդանաբոյս մը
sünger

սպրդիլ

գաղտնի կերպով ներս մտնել, սողոսկիլ
süzülmek

սպրդիլ

փախչիլ

սռնապան

ծունկէն մինչեւ ոտք՝ սրունքի վրայ անցուած պահպանակ (կաշիէ, կերպասէ)
tozluk

ստախօս

ստաբան, սուտ խօսող, ստող
yalancı

ստախօսութիւն

ստաբանութիւն

ստախօսութիւն

սուտ խօսք

ստակ

դրամ, փող
para, akçe

ստահակ

անկարգ, ըմբոստ, անկիրթ, սրիկայ
asi, ipini koparmış

ստամբակ

ապստամբ, ըմբոստ
asi

ստամբակ

խռովարար

ստամոքս

մարսողութեան գործարան
mide

ստայօդ

յերիւրածոյ, շինծու, սուտ
uydurma, yalan, asılsız

ստանալ

ձեռք բերել՝ կամ առնել (որեւէ կերպով)
edinmek, elde etmek

ստանալ

ունենալ

ստանալ

ընդունիլ
almak