HAZIRLIK AŞAMASINDA

ստանձնել

ըստանձնել, իր վրայ առնել, յանձն առնել
üstlenmek

ստաշխ

անուշահոտ նիւթ մը (խունկի նման)
aselbent

ստացագիր

ընկալագիր
alındı

ստացական

բնականին հակառակը, ետքէն ձեռք բերուած
edinilen

ստացական

անձնական դերանուններու սեռական հոլովները՝ որոնք վերաբերում ցոյց կու տան (գոյականի մը)
iyelik (belirten), –in hali

ստացուածք

սեփականութիւն, ինչք, գոյք (շարժական կամ անշարժ), կալուած
mal, (mal) mülk

ստգտանել

յանցանք գտնել, մեղադրել

ստել

սուտ խօսիլ, սուտ ըսել, խաբել
yalan konuşmak

ստեղծագործ

ստեղծող
yaratıcı

ստեղծագործ

հանճարեղ

ստեղծագործել

ստեղծել
yaratmak

ստեղծագործել

որեւէ գեղարուեստական գործ յօրինել
eser vermek

ստեղծագործութիւն

աշխարհի ստեղծումը, արարչութիւն
yaratılış

ստեղծագործութիւն

ստեղծագործուած գեղարուեստական գործ
yaratı, eser

ստեղծել

բան մը գոյացնել
yaratmak

ստեղծել

շինել, յօրինել

ստեղծել

հնարել

ստեղծել

ստեղծագործել

ստեղն

որեւէ ճիւղաւորումի ամէն մէկը, ճիւղ

ստեղնաշար

ստեղներու շարք (դաշնակի կամ գրամեքենայի շարժական ձողիկներ)
klavye