ստոյիկ
Զենոնի փիլիսոփայութեան հետեւող՝ որ կ՚արհամարհէ աշխարհի վիշտերն ու վայելքները եւ կը հաւատայ ճակատագրի զօրութեան
stoacı
ստոր
ստորին, անարգ
ստոր
ցածը, տակը
ստորաբաժանում
երկրորդական բաժանում
altbölüm
ստորագծել
ընդգծել (իբրեւ կարեւոր)
altını çizmek
ստորագրել
ստորագրութիւն դնել
imzalamak
ստորագրութիւն
անձի մը անունը՝ որ գրուած է իր ձեռքով (որեւէ գրուածքի տակ՝ իբրեւ վաւերացում)
imza
ստորադաս
ստորակարգ, վար՝ կամ ցած դասուած, երկրորդական
alt, aşağı
ստորադասական
բայի այն եղանակը՝ որուն մէջ գործողութիւնը պայմանական կամ ենթադրական է
şart (kipi)
ստորադասել
ստորակարգել, վար դասել
ստորակէտ
կէտադրական նշան ( , )
virgül
ստորերկրեայ
հողին տակ գտնուող, գետնափոր
yeraltı
ստորեւ
վարը, տակը (նշանակուած)
aşağıda
ստորին
անարգ, վատ, ցած
aşağılık
ստորին
վարի
aşağı
ստորնագոյն
ամէնէն ստորին, շատ վատ
ստորնանալ
ստորին դառնալ, ցածնալ
alçalmak
ստորնացում
նուաստացում, կորանք
alçalma
ստորնութիւն
նուաստութիւն, վատութիւն
ստորոգելի
այն բառը՝ որ բայի մը միջոցաւ՝ կը բնորոշէ ենթական կամ սեռի խնդիրը