HAZIRLIK AŞAMASINDA

սրճաման

սրճեփոց, սուրճ եփելու աման
cezve

սրճարան

սուրճ խմելու տեղ
kahve(hane)

սրճեփ

սուրճ եփող (անձ)
kahveci

սրուակ

փոքր՝ երկայն՝ ապակեայ շիշ
sürahi

սրունք

ոտքէն մինչեւ ծունկ,
bacak

սրսկապան

առագաստով զատուած հարսի սենեակ.

սրսկապան

անկողնի վրանաձեւ վարագոյր (մժեղներէն պահպանելու համար)
cibinlik

սրսկել

ջուրը կամ որեւէ հեղուկ սփռելով թափել (քիչ քանակութեամբ), ցօղել
serpmek

սրսփալ

սարսափ կամ սարսուռ զգալ, դողալ

սրտաբեկ

սիրտը կոտրած, վհատած

սրտաբեկ

տխուր

սրտաբուխ

սրտէն բխած, անկեղծ
içten, yürekten

սրտագին

սրտանց, անկեղծ
candan, içten

սրտագրաւ

սիրտ գրաւող, գրաւիչ

սրտադող

սրտի դող, ահուդող, երկիւղ

սրտակից

սրտով իրարու մօտ, մտերիմ
candan, canciğer

սրտակցութիւն

մտերմութիւն

սրտաճմլիկ

սիրտը ճմլող, խիստ տխուր
yürek burkan

սրտամաշուք

սրտմաշուք, վիշտ, անձկութիւն

սրտայոյզ

սիրտը յուզող, յուզիչ, տխուր