HAZIRLIK AŞAMASINDA

անցորդ

ճամբայէն անցնող, ուղեւոր, ճամբորդ
yolcu

անցուդարձ

ճամբուն վրայ ինչ որ կը տեսնուի, եկող ու գացող. 2) դէպք, իրադարձութիւն
olan biten

անցք

անցնելու տեղ կամ ճամբայ, ելք
geçit

անփառունակ

շատ պարզ, անշուք, խեղճուկ

անփոյթ

անհոգ, անտարբեր, թոյլ
kayıtsız, özensiz

անփորձ

փորձառութիւն կամ վարժութիւն չունեցող, անվարժ, համբակ
tecrübesiz

անփոփոխ

առանց փոխուելու, անայլայլ
değişmez

անքակտելի

ինչ որ կարելի չէ քակել կամ բաժնել, անխզելի, անբաժան

անքթիթ

առանց աչքերը բանալ գոցելու, անթարթ, ակնկառոյց

անքնին

ինչ որ կարելի չէ քննել, գաղտնի, անքննելի

անքոյթ

շատ հանդարտ, ապահով, խաղաղ

անպէտ

անշահ
faydasız, yararsız

անօգուտ

օգուտ կամ օգտակարութիւն չունեցող,

անօթ

աման, սպաս
kap

անօսր

նուրբ ու թեթեւ, անգայտ, ցանցառ
ince, hafif

անօրէն

չար, ոճրագործ, չարագործ
insafsız, imansız

անօրինակ

միեւնոյնը չտեսնուած, աննման, աննախընթաց
emsalsiz, eşsiz

աշակերտական

դպրոցական աշակերտի վերաբերեալ, ուսանողական

աշակերտուհի

աղջիկ աշակերտ, ուսանողուհի

աշխատակից

աշխատութեան մը կամ գործի մը մէջ միասին աշխատող, գործակից
mesai arkadaşı