HAZIRLIK AŞAMASINDA

տարապարտուց

անիրաւ կերպով,
nahak/haksız yere

տարասովոր

արտասովոր, անսովոր

տարափ

յորդ տեղացող

տարափ

տեղատարափ

տարափոխիկ

փոխանցիկ, վարակիչ
bulaşıcı

տարբաղադրել

տարրալուծել, բաղադրութիւն մը իր մասերուն բաժնել, լուծել
ayrıştırmak bileşenlerine ayırmak

տարբեր

ոչ-միեւնոյն, ուրիշ, զանազան
değişiik, farklı

տարբերիլ

տարբեր ըլլալ, փոխուիլ
değişmek, farklı olmak, farklılaşmak, fark etmek, ayrılmak

տարբերութիւն

տարբեր վիճակ, զանազանութիւն
fark, ayrım

տարբերութիւն

անհաւասար թիւերու տարբերած մասը
fark

տարեգլուխ

տարեմուտ, տարուան սկիզբը
yıl/sene başı

տարեգրութիւն

տարեգիրք, պատմական գրութիւն՝ ուր կը նկարագրուին դէպքերը իրենց ժամանակագրական կարգով
anal, yıllık

տարեդարձ

այն օրը՝ երբ մէկ կամ քանի մը տարի առաջ պատահած է ուրախալի դէպք մը (զոր կը տօնենք)
yıldönümü

տարելից

մէկուն մահէն յետոյ՝ տարին լրացած օրը (որպէս տխուր յիշատակ), [ölüm] yıldönümü

տարեկան

մէկ տարուան համար
yıllık, senelik

տարեկան

տարին մէկ անգամ կատարուող

տարեկան

տարիք ունեցող
yaşında

տարեկից

նոյն տարիքը ունեցող, հասակակից
yaşıt

տարեվերջ

տարուան վերջին օրը
yıl/sene sonu

տարերային

տարերական, բնութեան տարրերէն կամ ոյժերէն յառաջ եկած
doğal