HAZIRLIK AŞAMASINDA

տռփոտ

վաւաշոտ

տտուն

տուտ, պոչ (թռչունի, ձուկի, օձի)

տրական

տալու վերաբերեալ

տրական

գոյականին այն հոլովը՝ որ կը կապուի բային “որո՞ւ” կամ “ի՞նչ բանի” հարցումով
yönelme durumu, –e hali

տրամաբան

տրամաբանութեան համապատասխան
mantıki

տրամաբան

տրամաբանութեան մասնագէտ
mantıkçı

տրամաբանական

տրամաբանութեամբ կատարուած, բանաւոր
mantık(i), mantıklı

տրամաբանել

տրամաբանութեամբ մտածել

տրամաբանութիւն

ուղիղ մտածելու՝ դատելու՝ եզրակացնելու կարողութիւն

տրամաբանութիւն

այն գիտութիւնը՝ որ կ՚ուսումնասիրէ ճանաչողութեան եւ մարդկային մտածողութեան օրէնքները
mantık

տրամաբանօրէն

տրամաբանական կերպով

տրամագիծ

ուղիղ գիծ՝ որ շրջանակին կեդրոնէն կ՚անցնի ու կը կիսէ
çap

տրամադիր

հակամէտ, յօժար, հաւանած
niyetli, hazır

տրամադրել

կարգադրել, յարմարցնել, պատրաստել
düzenlemek, uygun görmek, emretmek

տրամադրել

մէկուն տրամադրութեան տակ դնել
tahsis etmek, ayırmak

տրամադրելի

տրամադրութեան տակ գտնուող, ձեռքի տակ գտնուող, պատրաստ

տրամադրութիւն

բան մը ուզածին պէս կարգադրելու կամ գործածելու իրաւունք
tasarruf

տրամադրութիւն

հոգեկան փոփոխական վիճակ
keyif, niyet, anlayış

տրամալար

ուղղաձիգ լար (որմնադիրներու)
çekül

տրամախոհութիւն

ուղիղ դատողութիւն