HAZIRLIK AŞAMASINDA

ցանցենի

ցանցամաշկ, աչքին այն մաշկը՝ ուր կը կազմուի մեր տեսածին պատկերը
ağtabaka

ցանք

ցանքս, ցանուած տեղ, արտ
ekin

ցանք

սերմանում
ekim

ցասկոտ

զայրացկոտ, բարկասիրտ, նեղսիրտ
öfkeli

ցասնուլ

զայրանալ, նեղսրտիլ, սրտմտիլ
öfkelenmek

ցասում

սաստիկ բարկութիւն, զայրոյթ
öfke, hiddet, gazap

ցատքել

ցատկել, օդին մէջէն տեղափոխուիլ (արագ շարժումով), ոստնուլ
atlamak, sıçramak

ցատքտել

ցատքռտել, ցատկռտել, շարունակ ցատքել, ոստոստել
hoplamak, zıplamak

ցարասի

ծառ մը՝ որուն բարակ ճիւղերէն աւել կը շինուի
ak huş, salkım huşu

ցարդ

մինչեւ հիմայ
şimdiye kadar

ցաւ

տանջող զգացում
ağrı, sancı, acı, sızı

ցաւ

հիւանդութիւն

ցաւ

կսկիծ

ծննդաբերութեան ցաւ

երկունք

պոչի ցաւ

ոխ

փորի ցաւ

խիթ

ցաւ ի սիրտ

սրտին մէջ ցաւ զգալով

ցաւագար

հիւանդոտ, ախտաժէտ
hasta

ցաւագար

լուսնոտ

ցաւագար

խեղճ(ուկրակ), ապիկար