ցերեկ
արեւածագէն մինչեւ մայրամուտ, տիւ
gündüz
ցերեկոյթ
ցերեկային հանդէս կամ հրաւէր
ցերեկօթիկ
ցերեկային (դպրոց), ոչ-գիշերօթիկ
gündüzlü
ցեց
վնասակար միջատ մը՝ որ բրդեղէն՝ մուշտակ եւայլն կը կրծէ
güve
ցին
գիշատիչ թռչուն մը, ուրուր
çaylak
ցիրուցան
ասդին անդին ցրուած, ցանուցիր
darmadağın
ցից
սրածայր ձող՝ զոր հողին մէջ կը մխեն
kazık
ցից
ցցուած, ցիցի պէս տնկուած, սեպ
dik
ցլամարտ
ցլակռիւ, ցուլի հետ կռիւ
boğa güreşi
ցկեանս
ցմահ, մինչեւ մահ կամ կեանքին վերջը
ömür boyu, müebbet
ցնդած
ցնորած, խելացնոր
ցնդած
զառամած
bunak
ցնդիլ
օդին մէջ տարածուիլ ու անհետանալ, շոգիանալ
uçmak, (dağılıp) yok olmak
ցնդիլ
ցնորիլ, զառամիլ
bunamak
ցնծալ
շատ ուրախանալ, հրճուիլ, խայտալ
sevinçten uçmak, neşelenmek
ցնծութիւն
մեծ ուրախութիւն, բերկրանք
neşe, sevinç
ցնկնիլ
ձագեր ծնիլ (անասուններու)
yavrulamak
ցնորական
երեւակայական
ցնորական
յիմարական
ցնորամիտ
խելացնոր, խենդ