առանձնաշնորհ
մէկու մը տրուած յատուկ արտօնութիւն, մենաշնորհ
imtiyaz, ayrıcalık
առանց
գոյականի՝ դերբայի կամ դերանունի հետ կը գործածուի եւ ցոյց կու տայ անոնց բացակայութիւնը, չեղած
առանցք
որեւէ մարմնի մէջէն անցնող անշարժ ուղիղ գիծ
eksen
առապար
քարոտ կամ դժուար կոխելի տեղ, խորտուբորտ տեղ
առաջ
այն ուղղութիւնը՝ որ կը գտնուի մարդուն երեսին դիմաց
ön
առաջ
առաջին անգամ, նախ
önce
առաջադրել
բան մը ներկայացնել ապացուցանելու կամ պահանջելու համար
önermek
առաջարկել
մէկու մը առաջարկ բերել կամ անոր կարծիքին դիմել, մատուցանել
teklif etmek, önermek
առաջին
որմէ առաջ ուրիշ բան չի գտնուիր, նախկին, սկիզբի
ilk
առաջնակարգ
առաջին տեսակի, ընտիր, լաւագոյն
առաջնորդ
այն՝ որ առջեւէն կ՚երթայ ճամբան ցոյց տալու համար, ուղեցոյց
kılavuz, önder, lider
առաջնորդ
որոշ տեղի մը կամ թեմի մը հոգեւոր կազմակերպութեան պետը
առաջնորդել
առաջնորդ կամ ուղեցոյց ըլլալ, ղեկավարել
առաջնութիւն
յաջողութեամբ եւ կամ ժամանակով առաջին ըլլալ
birincilik
առասպել
ժողովրդական պատմական զրոյց՝ որուն նիւթը չափազանցուած է
efsane, söylence
առաստաղ
առիք, շինութեան ծածկի ներքեւի մասը, ձեղուն
tavan
առատ
շատ, յորդ, լիուլի
bol
առատահոս
առատութեամբ հոսող, յորդահոս
առատաձեռնութիւն
առատօրէն տալ, առատաձեռն ըլլալ
cömertlik
առարկայ
անշունչ մարմին, նիւթ, որեւէ իր
cisim