HAZIRLIK AŞAMASINDA

փոխադրել

գտնուած տեղէն առնել՝ եւ ուրիշ տեղ տանիլ, տեղափոխել
nakletmek, taşımak

փոխակերպել

կերպը փոխել, ձեւափոխել

փոխան

փոխանակ, փոխարէն
karşılık (olarak), yerine

փոխանակ

ուրիշ բանի մը տեղ, փոխարէն
yerine

փոխանակել

բանի մը հետ փոխել
mübadele/takas/değiş tokuş etmek

փոխանակել

յաջորդել
yerine geçmek

փոխանորդ

ուրիշի մը փոխարինող, տեղակալ
vekil

փոխանորդագիր

այն թուղթը՝ որով մէկը լիազօր կ՚ըլլայ իբրեւ փոխանորդ գործելու
vekâletname

փոխանցել

մէկէ մը առածը ուրիշի մը տալ
devretmek

փոխանցել

յանձնել
iletmek

փոխանցել

վարակել
bulaştırmak

փոխանցիկ

տարափոխիկ, վարակիչ
bulaşıcı

փոխանցում

նախորդէն յաջորդին անցնելու գործողութիւն կամ վիճակ
devir

փոխանցում

վարակում

փոխառու

(դրամ) փոխ առնող

փոխատուութիւն

փոխ տալ (դրամ եւն.)
ödünç verme

փոխարէն

փոխանակ
kaşılık

փոխարէն

փոխարինութիւն

փոխարժէք

բանի մը դրամական արժէքը, գին
bedel

փոխարինել

փոխարէնը տալ, հատուցանել
karşılamak, karşılık olarak vermek