HAZIRLIK AŞAMASINDA

փոխարինել

մէկուն՝ կամ բանի մը տեղը բռնել
karşılamak, yerini almak/tutmak

փոխարինութիւն

փոխարէն տրուածը, հատուցում

փոխարկել

ուրիշ բանի վերածել, փոխել

փոխարքայ

թագաւորի փոխանորդ
genel vali

փոխել

ուրիշ բանի մը վերածել
değiştirmek

փոխել

բան մը վերցնել եւ տեղը ուրիշ բան մը դնել

փոխել

փոխանակել

փոխնիփոխ

փոխառփոխ, յաջորդաբար
sırayla

փոխնորդ

ճերմակեղէն, ներքնազգեստ
çamaşır

փոկ

երկայն ու նեղ կաշի
kayış

փոկ

ծովաշուն
fok

փող

դրամ

փող

կոկորդ

փող

խողովակ

փող

շեփոր

փողահար

փողար, փող փչող (նուագածու)
borazancı

փողերանոց

պետական հաստատութիւն՝ ուր դրամ կը պատրաստուի
darphane

փողկապ

նեղ ու երկայն կերպաս՝ զոր այրերը կը կապեն իրենց շապիկի օձիքին շուրջ (իբրեւ զարդ)
kravat

փողնոց

փողկապ, վզնոց

փողոտել

վիզը կամ կոկորդը կտրել, մորթել
boğazlamak