HAZIRLIK AŞAMASINDA

քիթը քսուիլ

խեղճ վիճակի մատնուիլ

քիթին չտանիլ

չհաւնիլ

քիթին տակ

շատ մօտը

քիմք

բերնին վերի մասը
damak

քիմք

ճաշակ

քինախնդիր

ոխակալ, վրէժխնդիր

քիչ

փոքր քանակութեամբ, սակաւ, նուազ
az

քիստ

հասկի փշոտ մազ (ցորենի, գարիի եւն.)

քիւ

տանիքի դուրս երկարած մասը
saçak

քծնիլ

մէկուն առջեւ նուաստանալ՝ զայն սիրաշահելու համար
yaltaklanmak

քծնիլ

շողոքորթել

քղանցք

կնոջական հագուստի վարի մասը, փէշ
etek

քմահաճ

քմածին, անձնական ճաշակի՝ հաճոյքի կամ քմահաճոյքի համաձայն (կատարուած)

քմահաճոյք

քմայք, յանկարծակի եւ կարճատեւ փափաք՝ որ կախում ունի անձին տրամադրութենէն
kapris

քմծիծաղ

հեգնական ծիծաղ կամ ժպիտ

քնաբեր

քուն բերող
uyku verici/getirici

քնաբեր

ոչ-հետաքրքրական
uyutucu

քնաթաթախ

դեռ քունէն չսթափած
uykulu, mahmur

քնանալ

քունի մէջ ըլլալ, ննջել
uyumak

քնաշրջիկ

տեսակ մը հիւանդ, գիշերաշրջիկ
uyurgezer