HAZIRLIK AŞAMASINDA

քնատ

քնհատ, քիչ քնացած, անքուն մնացած
uykusuz

քնար

հին՝ լարաւոր նուագարան մը
rubap

քնարերգակ

քնարերգութիւն գրող, բանաստեղծ

քնարերգութիւն

բանաստեղծութիւն՝ որ կ՚արտայայտէ բանաստեղծին զգացումները (ինչպէս՝ սէր, վիշտ, ցանկութիւն եւն.)
lirik şiir

քննադատ

քննադատութիւն կատարող (անձ)
eleştirmen

քննադատել

որեւէ գործ քննել եւ ցոյց տալ անոր առաւելութիւններն ու թերութիւնները
eleştirmek

քննադատել

պախարակել, պարսաւել

քննադատութիւն

ցոյց տալ գործի մը լաւ կամ գէշ կողմերը
eleştiri

քննադատութիւն

խօսքով կամ գրով յարձակում (որեւէ անձի կամ անոր գործունէութեան վրայ)
tenkit

քննել

զննել
incelemek

քննել

ուսումնասիրել

քննել

հետազօտել

քննել

հարցափորձել

քննել

ստուգութիւնը կամ ճշդութիւնը պրպտել

քննիչ

քննութիւն կատարող (անձ)
müfettiş

քննութիւն

դպրոցական հարցաքննութիւն
sınav

քննութիւն

դատական հարցաքննութիւն
soruşturma

քննութիւն

հետազօտութիւն

քննութիւն

ուսումնասիրութիւն.

քննութիւն

ստուգելու համար կատարուած պրպտում
inceleme