HAZIRLIK AŞAMASINDA

տարիքը առնել

ծերանալ

առնէտ

մեծ մուկ, խոշոր մուկ

առնուազն

ամէնէն քիչ, ամենապակաս
en az, en azından

առնչութիւն

կապակցութիւն, յարաբերութիւն
bağ

առոգանութիւն

բառը կանոնաւոր կերպով

արտասանել,

արտասանութիւն
telaffuz

առողջ

մէկը՝ որ հիւանդ չէ, ոյժը տեղը, չվնասուած
sağıklı, esen

առողջանալ

հիւանդութենէն ազատիլ, առողջութիւնը վերագտնել, ապաքինիլ
iyileşmek, sağlığına kavuşmak

առողջապահութիւն

մարմինը առողջ պահել.

առողջապահութիւն

մարմինը առողջ պահելու գիտութիւն
sağlık, sağlık bilgisi

առողջատուն

այն հիւանդանոցը՝ ուր կը դարմանուին թոքախտաւորները
sanatoryum

առոյգ

ոյժը տեղը, ուժեղ, աշխոյժ, կայտառ
sıhhatli

առու

հոսող ջուր, փոքր գետակ, վտակ
dere

առուակ

փոքր առու, փոքր վտակ

առուակահոս

առուի կամ գետակի պէս հոսող

առում

առնել, գրաւել
fetih

առում

բառ մը յայտնի նշանակութեամբ կամ յատուկ իմաստով գործածել
anlam

առուոյտ

երեք-երեք շարուած տերեւներով բոյս մը՝ որ լաւ սնունդ է անասուններուն
yonca

առտնին

տնական, ընտանեկան

առտու

առաւօտ
sabah