HAZIRLIK AŞAMASINDA

օգնել

որեւէ ձեւով նպաստել, օժանդակել,
yardım etmek

օգնել

մէկուն գործը դիւրացնել, աջակցիլ

օգնութիւն

օժանդակութիւն, նպաստ.

օգնութիւն

աջակցութիւն
yardım

օգոստափառ

վսեմափառ, մեծափառ, վեհափառ
haşmetli

Օգոստոս

տարուան Ը ամիսը
Ağustos

օգուտ

շահ, արդիւնք, օգտակարութիւն
fayda, yarar

օգտագործել

բանէ մը օգուտ հանել, օգտուիլ
yararlanmak, değerlendirmek, kullanmak

օգտակար

օգտաբեր, օգուտ տուող, շահաւէտ, պիտանի
faydalı, yararlı

օգտակար

նպաստաւոր

օգտակարութիւն

պիտանութիւն, օգուտ
fayda, yarar

օգտաշատ

շատ օգտակար, խիստ շահաւէտ

օգտապաշտութիւն

այն փիլիսոփայութիւնը՝ որու համաձայն ձեռք բերուած շահն է արժէքի մը չափանիշը (որովհետեւ անհատական կամ հաւաքական շահ մը նկատի ունենալով է որ կը գործենք)
faydacılık, yararcılık

օգտել

բաւել

օգտել

օգտակար ըլլալ

օգտուիլ

օգուտ քաղել, օգտագործել
faydalanmak, yararlanmak

օդ

կազային մարմին՝ զոր կը շնչենք
hava

օդագնաց

օդի մէջէն գացող եւ կամ ճամբորդող

օդահան

օդը պարպող (մեքենայ)

օդաճեմ

օդի մէջ պտտող, օդայած, օդապար