HAZIRLIK AŞAMASINDA

աստանդակ

գործածուած է “հոս-հոն” կամ “մեծ բակ”ի իմաստով

աստանդական

այս ու այն կողմը ինկած, թափառական

աստեղափայլ

աստղի պէս փայլող

աստիճան

սանդուխի իւրաքանչիւր ոտք
basamak

աստիճան

պաշտօնի բաձրութեան կարգ
kademe, derece

աստիճան

ջերմաչափի կամ ծանրաչափի իւրաքանչիւր բաժանումը
derece

աստիճան

շրջանակի մը 360 մասերէն մէկը
derece

աստիճան

թիւի մը ինքնիրմով բազմապատկութեան չափը
derece

աստղ

երկնային մարմին՝ որ գիշերները կը փայլի երկինքի վրայ
yıldız

աստղաբանութիւն

աստեղաբանութիւն, աստղերու շարժումներուն նայելով գուշակութիւն ընել մարդոց բախտին ու ճակատագրին մասին, աստղագիտութիւն
astroloji

աստղաբաշխութիւն

գիտութիւն մը՝ որ կ՚ուսումնասիրէ երկնային մարմիններու մեծութիւնը, հեռաւորութիւնը, յատկութիւններն ու շարժումները
astronomi

աստղազարդ

աստեղազարդ, աստղերով զարդարուած

աստղահատ

հատ-հատ աստղեր, աստղերու հատիկներ

աստղային

աստղերու յատուկ կամ աստղերու վերաբերեալ

աստղանիշ

տպագրական նշան մը ( * )

աստղիկ

փոքր կամ սիրուն աստղ

աստղիկ

գեղեցկութեան աստուածուհի՝ որ ծնած է ծովու ալիքներու փրփուրէն
Venüs

Աստուած

տիեզերական զօրութիւն՝ որ ստեղծած է բոլոր գոյութիւնները
Tanrı

աստուած

բնութեան անհասկնալի երեւոյթներուն տրուած անունը

աստուած

գերմարդկային կարողութիւններու տէր էակ, չաստուած
ilah