արհամարհել
բանի տեղ չդնել, քամահրել
küçümsemek
արհամարհոտ
այն՝ որ չհաւնելով կը նայի ամէն բանի, ծաղրող, անարգող
արհամարհուած
կարեւորութիւն չտրուած, ծաղրուած
արհաւիրք
սաստիկ վախ, սոսկում, սարսափ
dehşet
արհեստ
ձեռքով եւ մանր գործիքներով կատարուած աշխատանք՝ բան մը շինելու համար
zanaat
արհեստանոց
այն շէնքը՝ ուր արհեստաւորը կ՚աշխատի, գործանոց
atölye
արհեստաւոր
այն՝ որ արհեստով մը կ՚զբաղի, արհեստ ունեցող
zanaatkâr
արձագանգ
ձայնի որոշ կրկնութիւն՝ որ առաջ կու գայ երբ ձայնի ալիքները արգելքի հանդիպելով ետ կը դառնան ու կը լսուին
yankı
արձակ
ազատ, ընդարձակ
serbest
արձակ
տաղաչափութեամբ կամ ոտանաւորի պէս չգրուած
nesir, düzyazı
արձակագիր
արձակ լեզուով գրող, արձակաբան
արձակել
ազատ թողուլ, ազատ ձգել, չբռնել
salıvermek
արձակուրդ
դպրոցականին կամ պաշտօնեային
աշխատութիւնը
դադրեցնել ատենի մը համար
tatil
արձան
մետաղէ կամ քարէ քանդակուած կամ շինուած պատկեր, անդրի
heykel
արձանագործ
արձան շինող, քանդակագործ
heykeltıraş
արձանագրութիւն
պաշտօնական ընդօրինակութիւն
kayıt
արձանանալ
արձանի պէս անշարժ մնալ
put kesilmek
արձոյլ
արձող, արձուղ, ձկնորսական ուռկան կամ ցանց
ağ
արմատ
բոյսին հողին մէջ նստած մասը՝ ուրկէ սնունդ կ՚առնէ
kök